Կարդալ`Արեւելք օրաթերթին մէջ

Ի՞նչ բացատրութիւն կարելի է գտնել վերացնելու համար «Թռչնոց Բոյն»ի շուքին առյաւէտ ննջող որբերուն, անոնց հոգատարներուն եւ ուսուցիչներուն անհատական հարազատ գերեզմանները եւ աճիւնները:

Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015. Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն». Արամ Պէզիկեան թանգարանի բացման հանդիսութիւն: Հայ ժողովուրդին համար նշանակալից օր մը: Երեւելի հրաւիրեալներ, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդէն համեստ այցելուներ հաւաքուեցան ծովեզերքի կիզիչ արեւուն տակ, վրանի նման լարուած ճերմակ լաթածածկ տարածութեան  տակ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը թնդացուց իր բարի գալուստի նուագը, որուն յաջորդեցին հանդիսաւոր ճառեր, իսկ լուսանկարիչներ ու նկարահանողներ արագօրէն կը տեղափոխուէին՝ չփախցնելու համար դոյզն մանրամասնութիւն մ’անգամ:

Մեր չորս հոգինոց այցելուներու փոքրիկ խումբին մաս կը կազմէր տիկին մը, որ երեսուն հինգ տարիներ առաջ, «Թռչնոց Բոյն»ի սաներէն եղած էր: Ան այս հաստատութեան յարկին տակ ընդունուած էր երեք տարեկան հասակին, ծծակը բերանը, եւ տասնըերկու տարեկանին դուրս եկած ու միացած իր մօրը: Ան փափաքած էր անգամ մը եւս տեսնել իր դպրոցը եւ այն անկիւնները, որոնք յուշեր ու պատմութիւններ կ’արթնցնէին իր մէջ: Մենք, մեր աջին ձգած բազմութիւն եւ հանդիսութիւն, քալեցինք եւ իջանք ծովուն ուղղութեամբ, թեքեցանք Ս. Գայիանէ եկեղեցիէն դէպի աջ, դէպի գերեզմանները: Եկեղեցիին շուքին տակ նստած երիտասարդներ ոտքի ելան: Չէ՞ք տեսներ որ վտանգաւոր է, եւ չէք կրնար անցնիլ       միւս կողմը…

Այո, շատ վտանգաւոր էր. ծովու քարերով սալայատակուած ճամբան փորփրուած էր եւ խորտ ու փորտ հողի վերածուած. Բաւական մեծ ու խորունկ փոս մը արգիլեց մեր յառաջացումը: Սարսափած, կանգ առինք լայն ու խորունկ փոսին առջեւ, որուն յատակը հողի պարկեր կը տեսնուէին, իսկ անոր վրան՝ մէկ կողմէն միւսը, կամուրջի նման, դրուած էին երկու նեղ տախտներ: Երիտասարդներէն մէկը զգոյշութեամբ միւս կողմը անցաւ եւ իր ոտքերուն տակ չամրացած այդ փայտերը օրօրուեցան: Յստակ էր որ կարելի չէր անցնիլ միւս կողմը:

–  Աւելի վերէն կ՝երթամ,- ըսաւ «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին աշակերտուհին. ձեռքը առաւ բարձր կռունկներով իր կօշիկները եւ մագլցեցաւ ու բարձրացաւ քարերուն ու փոշիներուն մէջէն՝ դէպի աւելի բարձրը գտնուող հողերը, եւ մինչեւ գերեզմանները շարունակեց բոպիկ: Մենք զարմացած դիտեցինք զինք ու ինքնաբերաբար հետեւեցանք իրեն: Դիւրին չէր մագլցիլ քարքարոտ ու սահող հողերուն վրայ, նոյնիսկ կօշիկներով, իսկ մերկ ոտքերով տիկինը թռչուններու նման անցաւ դէպի գերեզմանները, առանց ազդուելու գետնի փուշերէն ու քարերէն:

– Նկարելը արգիլուած է, այստեղ ի՞նչ կայ նկարելիք: Մեր հայկական գերեզմանոցին մէջ երիտասարդ նահատակներ կան. կրնաք երթալ հոն:

– Այստեղ յուշեր ունիմ: Գրեթէ բոլոր աշակերտները կը փորձէինք փախչիլ այս գերեզմաններուն մէջէն դէպի բերդը, որմէ ետք կ’աշխատէինք հասնիլ մեր տուները եւ շատ յաճախ կը բռնուէինք. իբրեւ պատիժ՝ գիշերը մեզ անօթի կը  քնացնէին,իսկ մենք լեմոն կը գողնայինք ու դանակի տեղ պատին կը քսէինք ու կը կրծէինք…: Մեղք են այս գերեզմանները, պէտք չէ քանդել զանոնք: Գիշերները այստեղ կու գայինք բոլորովին առանձին, կ՝ամփոփուէինք ու կը նստէինք այս շիրմաքարերուն վրայ, մխիթարութիւն գտնելու համար, մտածելով, որ երբ մեռնինք՝ մենք ալ այստեղ պիտի թաղուինք: Բայց… ինչո՞ւ չեմ կրնար նկարուիլ…

– Չենք գիտեր, մեզի այսպէս պատուիրած են:

Նկատեցինք որ, իրենց տէրերուն անունները կրող, հարազատ սպիտակ շիրմաքարերը հանուած էին շիրիմներուն վրայէն եւ հեռուն, պատերուն կռթնած: Արդեօք ի՞նչ խղճով եւ ի՞նչ պատճառով անոնք անջատուած էին իրենց գերեզմաններէն:

Մենք աւելի երկար մնալ արտօնուած չէինք այնտեղ, ոչ ալ արտօնուած էր «Թռչնոց Բոյն»ը կարօտցած սաներէն մէկուն՝ այս առիթով յիշատակի նկար մը առնել շիրիմներուն այդ խաղաղ անկիւնը, արմաւենիին շուքին տակ:

Մեր ետին ձգեցինք այդ խորհրդաւոր եւ յատկանշական վայրը, վերադառնալով նոյն դժուար ճամբով: Արեւու ակնոցներով ծածկեցինք մեր արցունքները, բայց կարելի չէր պահել զգացումները, որոնք էութիւնս կը ցնցէին հարցերու պատասխան չգտնելուս համար եւ յիշելով անցած 30 տարիներուն ընթացքին դպրոցին հետ ունեցած կապս, ինչպէս ամառ մը տուն չվերադարձող աշակերտներուն համար դաստիարակչական յայտագրի մը կազմակերպումը, դպրոցին շինարարական ծրագրին մէջ մասնակցութիւնս,  դէպի Թռչնոց Բոյն այցելուներու ուղեկցիլս եւ այլ առիթներ:

Ի՞նչ բացատրութիւն կարելի է գտնել վերացնելու համար «Թռչնոց Բոյն»ի շուքին առյաւէտ ննջող որբերուն, անոնց հոգատարներուն եւ ուսուցիչներուն անհատական հարազատ գերեզմանները եւ աճիւնները: Ի՞նչու այդ հին գերեզմանները փոխարինել հաւաքական թամբարանով եւ անոր սեւ կրանիթէ քարին վրայ արձանագրել այնտեղ թաղուածներուն անունները: Մարդկային, ազգային եւ բարոյական ո՞ր մօտեցումը կրնայ արդարացնել նման արարք: Ի՞նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները, եթէ կորսուին այդ գերեզմաններուն հետքերը ու հոն տանող ճամբան: Ինչի՞ կը ծառայէ անյայտացնել այս թանկագին յիշատակները եւ դատարկել հազարաւոր հոգիներու յիշողութիւնները ու պապանձումի մատնել պատմող բերանները:

Արդեօք ոեւէ մէկը տեղեա՞կ է, որ վերջերս, Լեհաստանի պետութիւնը որոշած է Պարսկաստանի Ահւազի եւ Մրշէտի հայկական գերեզմանատուներուն մէջ, մօտաւորապէս 15Օ տարի առաջ թաղուած լեհ զինուորներուն շիրիմներուն հոգ տանիլ, նորոգել, եւ լոյսի տակ բերել անոնց պատմութիւնը: Արդեօք Սարայեւոյի հաւաքական գերեզմաններուն մէջ թաղուած անծանօթ մեռելներուն աճիւնները ի զուր տե՞ղ մէջտեղ կը հանեն, առանձին շիրիմներու մէջ կը դնեն եւ անոնց վրայ շիրմաքարեր կը հաստատեն: Ինչո՞ւ մենք ալ չենք կրնալ գիտակցիլ  մեր սրբութիւններուն եւ յարգել զանոնք՝ իբրեւ խօսուն վկայարաններ, ինչ որ աւելի՛ պիտի արժեւորեն ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած Ժիպէյլի թանգարանը: